5–11 Յունիս 2024 · Կիւմրի

«ՕԴԱԳՆԱՑՆԵՐԸ» Թռչող սարքերու թեքնոլոժիական ճամբար

Կիւմրիի «ՄԻՏ» կրթական կեդրոնին մէջ կազմակերպուած թեքնոլոժիական ճամբար՝ Հայաստանի բոլոր մարզերու 10 համայնքներէ ժամանած 40 պատանիներու համար։

Աւելին

ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՄԱՍԻՆ

2024 թուականի Յունիս 5–11-ին Կիւմրիի «ՄԻՏ» կրթական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Օդագնացները» թեքնոլոժիական ճամբարը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի բոլոր մարզերու 10 համայնքներէ ժամանած 40 պատանիներ։

Ճամբարին նպատակն էր Հայաստանի համայնքներուն մէջ կազմաւորել թռչող սարքեր պատրաստող եւ կառավարող խումբեր։ Ճամբարին ընթացքին պատանիները մասնակցեցան մասնագիտական դասընթացքներու եւ սեմինարներու, զարգացուցին գոյատեւման եւ խումբով աշխատանքի կարեւոր հմտութիւններ, ինչպէս նաեւ հանդիպեցան թեքնոլոժիական ոլորտի շարք մը ներկայացուցիչներու։

Եօթը օրուան ընթացքին բոլոր մասնակիցները կրցան ինքնուրոյն պատրաստել եւ կառավարել թռչող սարքեր։ Ճամբարին աւարտին տեղի ունեցաւ ատեստաւորում, որուն ընթացքին համեմատական կարգով գնահատուեցան խումբերուն աշխատանքը եւ մասնակիցներուն անհատական թռիչքը՝ ՍՈւ-27 մոդելով։ Ատեստաւորման աւարտին բոլոր խումբերը ստացան թռչող սարքերու նուէր-հաւաքածոներ՝ իրենց համայնքներուն մէջ յետագային այլ մոդելներ պատրաստելու նպատակով։

  • Կազմակերպիչներ «ՄԻՏ» կրթական կեդրոն եւ «Անտրոհուս» կրթական հիմնադրամ
  • Հովանաւորներ «Սիւն» հիմնադրամ եւ Zealous կազմակերպութիւն
  • Գործընկերներ «ՈՄԱ Կիւմրի» հասարակական կազմակերպութիւն, «Հրայրք» աւանդական երգի եւ պարի խումբ, «Կարեն Վարդանեանի անուան կրթական հիմնադրամ»

ՓՈՏՔԱՍԹ

Արեւիկ ռատիոյի եթերին

Աւելին լսեցէ՛ք Արեւիկ ռատիոյի եթերէն։

Լսել աւելին

ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՏԵՍԱՆԻՒԹԸ

Դիտել YouTube-ի մէջ